Անկախ գրական հրատարակչատուն

Ձեր գիրքը,
գեղեցկօրէն
հրատարակուած

Գորիտոր Պուքսը անկախ հրատարակչատուն է, որ կ՚ընծայէ խնամուած խմբագրութիւն, բարձրորակ ձեւաւորում, տպագիր թէ թուային արտադրութիւն, եւ բովանդակալից գործընկերութիւն հեղինակներու հետ՝ ձեռագիրէն մինչեւ շուկայ։

Գիրք եւ գրութիւն — Քորիտոր Պուքս
✦Խմբագրութիւն եւ սրբագրութիւն ✦Կողք եւ ներքին էջադրում ✦Էլ-գրքի ձեւաւորում ✦Տպագիր եւ թուային հրատարակութիւն ✦Առցանց բաշխում

Ո՞վ ենք մենք

Հիմնուած՝
բարձր չափանիշներով։ Կառուցուած՝
հեղինակին շուրջ։

Գորիտոր Պուքսը (Corridor Books) հիմնուած է յստակ համոզման մը վրայ. անկախ կամ ինքնա-հրատարակութիւնը (self-publishing) երբեք պէտք չէ նշանակէ երկրորդ կարգի հրատարակութիւն։
Եւ ստեղծեցինք տուն մը այն հեղինակներուն համար, որոնք կ՚ուզեն աւանդական գրական հրատարակչատան որակն ու հոգատարութիւնը՝ բայց այնպիսի ճկունութեամբ, թափանցիկութեամբ եւ անձնական ուշադրութեամբ, որ միայն անկախ հրատարակչատուն մը կրնայ տալ։

Միտումնաւոր կերպով կ՚աշխատինք սահմանափակ թիւով հեղինակներու հետ, ինչ որ կ՚ապահովէ, որ ձեր ծրագիրը երբեք չկորսուի հերթի մը մէջ։ Ամէն ձեռագիր, որ մեզի կը ներկայացուի՝ կը ստանայ խմբագրական խոհուն աշխատանք, ուշադիր ձեւաւորում, եւ ձեր նպատակներուն յարմարեցուած հրատարակչական ռազմավարութիւն մը։

Կապ Հաստատել
Քորիտոր Պուքս
Լաւ գիրքեր կը սկսին հեղինակ-հրատարակիչ լաւ յարաբերութեամբ։ Մենք երկար կը հաղորդակցինք ձեզի հետ։

Մեր ծառայութիւնները

Ձեր գիրքին համար անհրաժեշտ
բոլոր ծառայութիւնները՝ մէկ վայրի մէջ։

01

Խմբագրութիւն եւ սրբագրութիւն

Պատումի մշակման խմբագրութիւն, տողային խմբագրութիւն, ոճի խմբագրութիւն եւ վերջնական սրբագրութիւն — կ՚աշխատինք բոլոր հանգրուաններուն յղկել գրութիւնը, միշտ յարգելով ձեր ստեղծագործական ձայնը։

02

Կողք եւ գիրքի ներքին բաժնի էջադրում

Գիրքի նիւթին յարմար եւ գրաւիչ կողքեր, եւ գիրքի ներքին բաժնի գեղարուեստական ձեւաւորում եւ էջադրում, որ ընթերցումը հաճելի կը դարձնէ — կատարուած գրական ճաշակով եւ տեխնիկական ճշտութեամբ։

03

Էլ-գրքի ձեւաւորում

Մաքուր, EPUB 3 չափանիշներուն համապատասխան էլ-գրքի ֆայլի պատրաստութիւն, փորձարկուած՝ հիմնական բոլոր ընթերցման սարքերուն վրայ — Amazon Kindle, Kobo, Apple Books եւ ուրիշներ։

04

Հրատարակութիւն

Տպագրութեան պատրաստ ֆայլեր, ISBN գրանցում, տպագրութիւն եւ բաշխում առցանց մեծ մատակարարներու — ձեր գիրքը ընթերցողներու ձեռքին մէջ, տպագիր ձեւով։ Նաեւ՝ առցանց բաշխում հիմնական բոլոր հարթակներուն վրայ։

05

Թուային հրատարակութիւն եւ բաշխում

Թուային ֆայլի ամբողջական ձեւաւորում, հրատարակութիւն եւ բաշխում Amazon KDP-ի, Apple Books-ի, Kobo-ի եւ ուրիշ հիմնական հարթակներու վրայ — համաշխարհային հասանելիութիւն։

«Մենք պարզապէս գիրքեր չենք հրատարակեր։ Մենք գիրք կը կառուցենք»։

Կապ Հաստատել
Հաճեցէք հոս սեղմել ծառայութեանց գիները տեսնելու համար։

Ինչպէ՞ս կ՚աշխատինք

Մեր գործընթացքը՝ առաջին կապէն
մինչեւ հրատարակուած գիրքը

1

Խորհրդակցութիւն

Կը սկսինք զրոյցով մը՝ ձեր ձեռագրի, ձեր նպատակներու եւ անհրաժեշտ ծառայութիւններուն մասին։ Պարտաւորութիւն չկայ, ճնշում չկայ։

2

Առաջարկ

Կը ներկայացնենք յստակ ծրագրային առաջարկ մը — տարողութիւն, ժամանակացոյց եւ գիներ — որպէսզի գիտնաք ճիշտ ինչ կը սպասէ ձեզի, նախքան սկսիլը։

3

Արտադրութիւն

Կ՚անցնինք համաձայնուած փուլերով. խմբագրութիւն, ապա ձեւաւորում եւ էջադրում, ապա ձեւաչափում։ Դուք կը վերանայիք եւ կը հաստատէք իւրաքանչիւր փուլին։

4

Հրատարակութիւն

Ձեր գիրքը լոյս կը տեսնէ— տպագիր, թուային, կամ երկուքն ալ — այն բոլոր հարթակներուն վրայ, որոնք կարեւոր են ձեր ընթերցողներուն համար։

Ձեր Ծրագիրը Ներկայացնել

Ժողովածու

Մեր հրատարակութիւններէն օրինակներ

Գրքի կազմ
Ուսումնասիրութիւն
Քրիստոսականութեան բանաձեւը
Հովիկ Նուպարեան
Խմբագրութ. Ձեւաւորում Կողք Հրատարակութիւն Բաշխում
Գրքի կազմ
Պատանեկան արձակ
Կորսուած տառը
Շողեր Մարգարեան
Խմբագրութ. Ձեւաւորում Հրատարակութիւն Բաշխում
Գրքի կազմ
Յուշագրութիւն (Memoir)
Almost There
Hrayr Agnerian
Խմբագրութ. Ձեւաւորում Կողք Հրատարակութիւն
Գրքի կազմ
Պատմական Ուսումնասիրութիւն
The Call from Armenia
Aram Adjemian
Խմբագրութ. Ձեւաւորում Կողք Հրատարակութիւն
Գրքի կազմ
Գրական ուսումնասիրութիւն
Սփիւռք եւ ինքնացում
Յարութիւն Քիւրքճեան
Ձեւաւորում Կողք
Գրքի կազմ
Գրական ուսումնասիրութիւն
Զապէլ Եսայեան՝
սեմին վրայ
Նանոր Գպրանեան
Ձեւաւորում Կողք
Գրքի կազմ
Մանկա-պատանեկան գրքոյկ
Բարեկենդան
Թամար Փանոսեան
Խմբագրութ. Ձեւաւորում Կողք
Գրքի կազմ
Բանաստեղծութիւն
Սկիզբ
Անոյշ Ակներեան
Ձեւաւորում Կողք Հրատարակութիւն
Գրքի կազմ
Խոհարարական գիրք (Cookbook)
Eating Light
Gayané Garni
Խմբագրութ. Ձեւաւորում Կողք Հրատարակութիւն

Կապ

Ձեր կողքին կը մնանք մինչեւ հրատարակութիւն

Գիրքի մը հրատարակութիւնը երկար ընթացք կ՚ենթադրէ, ուր հեղինակ-հրատարակիչ յարաբերութիւնը խիստ կարեւորութիւն կը ստանայ։ Մենք իւրաքանչիւր դիմումին լրջութեամբ կը մօտենանք եւ անձամբ կը պատասխանենք ձեր հարցերուն, նախքան համաձայնութիւն՝ եւ համագործակցութեան ամբողջ ընթացքին։

Պատրաստ ենք ձեզի հետ խորհրդակցելու ձեր աւարտած՝ թէ տակաւին սաղմնային վիճակի մէջ գտնուող ծրագրին մասին։

✉
Էլ-Փոստ
hello@corridorbooks.com
◎
Պատասխանի Ժամ
2–3 աշխատանքային օր
◇
Ծրագիրներու ընդունում
Նոր ձեռագիրներ կ՚ընդունինք ներկայիս

Հարցաթուղթ

Ի՞նչ է ձեր ծրագիրը

Լրացուցէք այս հարցաթուղթը ձեր ծրագրի մասին։ Ձեր տեղեկութիւնը ուսումնասիրելէ ետք՝ կը կապուինք ձեզի հետ։

✓

Շնորհակալ ենք, որ մեզի հետ կապ կը հաստատէք։

Ձեր դիմումը ստացած ենք եւ 2–3 աշխատանքային օրերու ընթացքին ձեզի հետ կը հաղորդակցինք։